Armeens
Նամականի
Թէքէեան, Վահան • Literatuur
1983 , Լոս Անճելըս (LIT-H TEKV 1983)
Թէքէեանի բազմաբեղուն գրական արգասիքէն ցարդ ծանօթ են անոր քերթողական երկերը միայն։ Չեն հրատարակուած հրապարակագիր Թէքէեանի բազմաթիւ գրական, ազգային եւ քաղաքական բնոյթ կրող արձակ գրութիւնները, որոնք ցանուցրիւ կը գտնուին պարբերական մամուլի էջերուն մէջ։ Մեծ մասամբ անծանօթ մնացած են նաեւ բանաստեղծին անձնական նամակները։
Պրոֆ․ Աւետիս Գ․ Սանճեանի կողմէ կազմուած, խմբագրուած եւ ծանօթագրուած այս ստուարածաւալ Նամականին գրականասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ Թէքէեանի գրական ժառանգութեան նորայայտ սեռերէն մին, որ անտարակոյս կը նպաստէ անոր ամբողջական երկերը կազմելու բաղձալի նպատակին։
Այս ժողովածուին մէջ համադրուած են Թէքէեանի 315 նամակները, որոնց ստուարագոյն մասը գրուած է հապճեպ, ա՜յնպէս ինչպէս մարդիկ կը խօսին իրենց մտերմներուն հետ, առանց վերանայման եւ գրչի վրիպումներու սրբագրութեան։ Հասկանալի է, ուրեմն, որ Թէքէեանի բոլոր նամակները չունին միեւնոյն գրական կամ պատմական արժէքը։ Կան նամակներ, որոնք կը զբաղին հասարակ տեղիք հարցերով, մինչ ուրիշներ կը բովանդակեն այնպիսի՜ հատուածներ, որոնք կը զեղուն նրբահիւս գրական գոհարներով եւ իմացական խորութեամբ։ Ամէն բանէ աւելի, սակայն, անոնք կը պատկերացնեն Թէքէեանի ապրումները, տուայտանքները եւ բազմատեսակ անձնական ու ազգային մտահոգութիւններուվերաբերեալ անոր մտորումները։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak