Armeens
Հայ մշակույթի լուսաւոր ուղիներէն
Ալթունեան, Յակոբ • Cultuur
2012 , Թորոնթօ (A-C HIS ALTH 2012)
Յակոբ Ալթունեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան։ Իր նախակրթութիւնը ստացած է Պէյրութի հայկական վարժարաններու մէջ, իսկ միջնակարգ, երկրորդական և բարձրագոյն ուսումը ամբողջացուցած է ֆրանսիական վարժարաններու մէջ։ Ան յաւելեալ համալսարանական մասնագիտութիւն ձեռք բերած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի տնտեսագիտութեան ճիւղին մէջ։
1951-ին մտած է Ապրօ Ապրոյեան և Ընկ․ ճարտարարուեստական հաստատութիւնը, որուն տնօրէնութիւնը վարած է 1960-էն սկսեալ մինչեւ 1998, երբ այլեւս հանգստեան կոչուած է։
Պէյրութի ֆրանսական համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրով, 1988-էն մինչեւ 1993 ան դասաւանդած է Ճարտարարուեստական Տնօրինում (Gestion Industrielle)։
Իր ամենօրեայ գործին առընթեր, Յակով Ալթունեան իր մասնակցութիւնը բերած է հայկական ընկերային և միութենական գործունէութիւններու։ Այսպէս՝ ան իր ներդրումը ունեցած է 1950-ական թուականներուն՝ Լիբանանի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարաններէ ներս, 1960-1968՝ Պէյրութի Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութեան մէջ, որպէս ատենապետ, 1968-1993 Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովին մէջ, որուն վերջին հինգ տարիները ատենապետի հանգամանքով։
1998-էն ի վեր, Յակոբ Ալթունեան հաստատուած է Թորոնթօ, Գանատա։ Մահացած է 2019։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak