Armeens
Պատմութիւն հայ հին գրականութեան
Քիպարեան, Հ․ Կիւրեղ վրդ․ • Literatuur
1992 , Վենետիկ, Ս․ Ղազար (LIT-H KIPK 1992)
Ներկայ հրատարակութիւնը, զոր գուցէ կարելի է կոչել երկրորդ տպագրութիւն, խորքին մէջ, սակայն, հեղինակին կողմէ կատարուած հիմնապէս նոր յօրինում մըն է՝ երկար տարիներու իր ուսումնասիրութիւններուն, ուսուցչական փորձառութեան եւ նոր աղբիւրներու յայտնութեան հիման վրայ։
1944ին կատարուած հրատարակութիւնը ոչ միայն իր ամբողջութեանը մէջ վերամշակուած է հոս, այլ կան հեղինակներ, ինչպէս՝ Ագաթանգեղոս, Փաւստոս Բիւզանդ, Եղիշէ, Խորենացի, Նարեկացի, Շնորհալի, Լամբրոնացի, Յովհ․ Սարկաւագ, եւ այլն, որոնք նոր մօտեցումով ու լոյսով կը ներկայանան առհասարակ։
Հեղինակին ձեռագիրներէն խմբագրուած այս ներկայ հրատարակութիւնը՝ աշակերտական դասագիրքի հանգամանք չունի այլեւս, այլ՝ համալսարանական իր ծաւալով ու մակարդակով, կրնայ գործածուիլ հայագիտական լսարաններու մէջ եւ կամ իբրեւ լիակատար ուղեցոյց՝ հին հայ գրականութեան ուսուցման։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak