Home / Catalogus / Կոմիտաս․ հոգեբանական վերլուծում մը
armenain-flag Armeens

Կոմիտաս․ հոգեբանական վերլուծում մը

Գարագաշեան, Մելինէ • Geschiedenis

2011 , Անթիլիաս (A-C HIS GARM 2011)

Մելինէ Գարագաշեանի սոյն հատորը իւրայատուկ է իր տեսակին մէջ, զատորոշուելով Կոմիտաս Վարդապետի մասին ցարդ լոյս տեսած երաժշտագիտական, գեղջկական երգերու բանահաւաքումի եւ կենսագրական տուեալներ ներառող գիրքերէն։ Հեղինակը իր մասնագիտութիւնը ի գործ դնելով, կը ջանայ հոգեբանական վերլուծում մը ներկայացնել, եղերաբախտ վարդապետին հիւանդութեան մասին, քաղելով անոր կեանքին տարբեր հանգրուանները, եւ անոր անձէն ներս թէ դուրս պատահած դէպքերը։

 

Մելինէ Գարագաշեան ծնած է Պէյրութ։ Ուսումը ստացած է Ս․ Նշան վարժարանին եւ ճեմարանին մէջ։ Ֆրանսական պաքալօրէայի Փորձառական գիտություններու մասը ստացած է Միջազգային գոլէճէն։ Ապա Հաստատուած է Նիւ Ճըրզի, Միացեալ Նահանգներ։ Ուսումը շարունակած է Ռաթկըրզ եւ Սիթըն Հօլ համալսարաններուն մէջ, ստանալով Դոկտորական տիտղոս հոգեբանութեան մէջ։

Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, իր մասնագիտութիւնը ծառայեցուցած է հոգեբանական աշխատանք տանելով Հայաստանի աղետեալներուն, ինչպէս նաև Ղարաբաղի, Շահումեանի ու Մարտակերտի բռնագաղթեալներուն։ Գնահատուած է Սովետական Միութեան եւ անկախ Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ։ 1993-ին եւ 2007-ին ստացած է “Ֆուլպրայթ” պարգեըները։ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ դասախօսած է քլինիքական հոգեբանութեան նյիթը։

Հեղինակ է անգլերէն եւ հայերէն գիտական յօդուածներու։ 2005-ին լոյս ընծայած է “Ցեղասպանութեան հոգեցնցումն ու ազգային ինքնութիւնը” հատորը։ Ցեղասպանութեան հոգեբանական հետեւանքները, հոգեցնցումը եւ յատկապէս Կոմիտասի կեանքը հետաքրքրած են զինք, որոնց հարազատ արտայայտութիւն է սոյն գիտական աշխատասիրութիւնը։

 

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image