Home / Catalogus / Հողը կը ծախուի՞
armenain-flag Armeens

Հողը կը ծախուի՞

Սարմազեան, վեր․ Յովհ․ Մ․ • Literatuur

2006 , Պէյրութ (W-A LIT SARH 2006)

Վեր․ Յովհ․ Մ․ Սարմազեան ծնած է 1934-ին, Քեսապի Պաղճաղազ (Սուրիա) գիւղը, Մինաս եւ Մարի Սարմազեաններու յարկին տակ։ Նախնական ուսումը կը ստանայ ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ, ապա՝ կ՛աշակերտի Քեսապի Հայ Աւետ․ միջնակարգ վարժարանին։ Տնտեսական պայմաններու բերումով կը հրաժարի ուսումէն ու կը դառնայ հօրը լծակիղ, անոր հող ու դաշտի աշխատանքին մէջ։ 

1951-1954, երեք տարիներ ուսուցչական պաշտօն կը վարէ իր գիւղի դպրոցին մէջ։ 1954-ին կը մեկնի բանակ, կատարելու իր զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը, զոր ամբողջացնելէ ետք կը վերադառնայ գիւղ։ 1959-ին, ուսուցչական պաշտօնով կը հրաիրուի Դամասկոսի Հայ Աւետ․ վարժարանը, ուր կը մնայ երեք տարիներ, միաժամանակ հետեւելով անգլերէնի դասընթացքի։ Բարձրագոյն ուսման հետամուտ, 1962-ին կ՛անցնի Պէյրութ, ուր մէկ տարի կ՛աշակերտի Հայ Աւետ․ գոլեճի աւարտական դասարանին, ապա՝ մուտքի յաջող քննութիւններէ ետք, իրաւունք կ՛ստանայ  ուսանող արձանագրուելու Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցին, միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան գոլեճի դասընթացքներուն, իրեն մասնագիտութիւն ընտրելով հոգեբանութիւնը։ 1967-ին կ՛արժանանայ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսին, իսկ 1969-ին Մ․Ա․Ա․ դպրոցէն կը վկայուի Պսակաւոր Աստուածաբանութեան տիտղոսով։

1973-ին ան կը ստանայ իր ձեռնադրութիւնը։ 1976-ի վերջաւորութեան ան հովուական պաշտօնի հրաւեր կը ստանայ Գէյմպրիճի (Թորոնթօ, Գանատա) Հայ Աւետ․ եկեղեցիէն, ուր կը տեղափոխուի ընտանեօք։

 

Պէյրութ, իր ուսանողութեան տարիներուն, Վեր․ Յովհ․ Սարմազեան կը ստորագրէ իր առաջին գրութիւնները։ Տարիներու ընթացքոին ան կը մնայ “Ջանասէր”ի հաւատարիմ աշխատակիցներէն մէկը։ 1990-ին կը հրատարակէ թատերգութիւն մը, նուիրուած Մուսա լերան հերոսամարտին, “Փոթորիկ եւ փրկութիւն” խորագրով, իսկ 2005-ի՝ "Հայ ընտանիքը հայ եւ քրիստոնեայ պահել (Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս):

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image