Armeens
Կապոյտ էջեր
Ժիրայր, Ղ․ • Literatuur
1993 , Ուոթըրթաուն, Մես․ (W-A LIT ZHIG 1993)
Յիրայր Ղարիպեան (1937-1991)
Բազմաբովանդակ եղաւ Ժիրայր Ղարիպեանի կեանքը։ Ան միաժամանակ թէ հրապարակագիր էր, թէ գրող, թէ խմբագիր եւ թէ ազգային գործիչ՝ իր գործունէութիւնը տարածած ըլլալով Իրաքէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։ Սակայն հիմնականին մէջ ան լրագրող էր՝ իր աշխատակցութիւնը բերած ըլլալով սփիւռքահայ գլխաւոր օրաթերթերուն եւ պարբերականներուն։
Ղ․ Ժիրոյր գրչանունով ան հրատարակած ունի երկու հատորներ․ ունի անտիպ գործեր եւս։ Ներկայ հատորէն զատ Ղ․ Ժիրայր ունի բանաստեղծական բազմաթիւ էջեր։ Անոր այրին՝ Եւգինէ Ղարիպեան հրատարակութեան կը պատրաստի Ղ․ Ժիրայրի անգլերէն լեզուով գրուած հայ լրագրութեան պատմութիւնը։ Մի քանի հատոր կը կազմեն Ժիրայր Ղարիպեանի ունեցած հարցազրոյցները Հայաստանի եւ Սփիւռքի ականաւոր դէմքերու եւ մշակութային գործիչներու հետ։ Այս հարցազրոյցները, որոնք պատմական եւ մշակութային մեծ արժէք կը ներկայացնեն, հեռարձակուած են Պոսթոնի Հայկական անկախ ձայնասփիւռի միջոցաւ աւելի քան տասը տարիներու ընթացքին։ Ան հիմնադիրն ու ղեկավարն էր յիշեալ Ձայնասփիւռային ծրագրի։
Կը հիմնադրէ եւ կը հանդիսանայ խմբագիրը “Ալիք պատանեկան” երկշաբաթաթերթի՝ առաջին գունագեղ պատանեկան հրատարակութիւնը սփիւռքի մէջ։
Իր մտաւոր աշխատանքին հետ զուգընթաց՝ Ժիրայր Ղարիպեան մղիչ ոյժը հանդիսացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի համազգային մշակութային գործունէութեանց՝ թէ որպէս փնտռուած բանախօս եւ թէ որպէս Շրջանային վարչութեան ատենապետ։
Ժիրայր Ղարիպեանի կեանքի փիլիսոփայութիւնն էր՝ ամբողջովին նուիրուիլ հայ ժողովրդի եւ Հայաստանի ծառայութեան, ըլլալ անանձնական ու յանձնառու եւ ձգտիլ հայ ժողովուրդի միասնականութեան։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak