Armeens
Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ․ հատոր ը․
Հատտէճեան, Ռ․ • Literatuur
2010 , Իսթանպուլ (LIT-H HATR 2010)
Հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ կատարուած պտոյտի այս հատորը, որ շարքին ութերորդն է, ունի երեք հերոսներ․ Թէոդիկ, Կոմիտաս ու Լեւոն Շանթ։ Երեք երախտաշատ հերոսներ՝ հայ մշակութային կեանքի ծիրէն ներս, իւրաքանչիւրը տարբեր մարզի մը նուիրուած։ Կը մտնենք անոնց կեանքի որոշ դրուագներու մտերմութենէն ներս։ Թէոդիկին հետ կը շնչենք Սկիւտարի Շահնուրեան մթնոլորտին մէջ․ Կոմիտասին հետ կուգանք պատմական Պոլիս ու պատուանդանի վրայ կը դնենք հայ երգչախմբային երգեցողութիւնը․ եւ Լեւոն Շանթին հետ կ՛ոգեկոչենք մեր պատմութեան բոլոր հին աստուածները։
Անոնք շատ բան ժառանգեցին մեզի։
Այն վստահութեամբ թէ իրենց յաջորդները տէր պիտի կանգնին այդ ժառանգութեան։
Մենք այդ է որ ընել կը փորձենք։
Տէր կանգնիլ արեան ու արցունքի գնով ստեղխուած բոլոր այս հարստութիւններուն։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak