Home / Catalogus / Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ․ հ...
armenain-flag Armeens

Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ․ հատոր է․

Հատտէճեան, Ռ․ • Literatuur

2010 , Իսթանպուլ (LIT-H HATR 2010)

Կովկասահայ գրականութեան երեք չարքաշ սպասաւորները

 

Ղազարոս Աղայեան։

Պերճ Պռօշեան։

Նար-Դոս։

Արեւմտահայ գրասէրները մեծ բան մը չեն գիտեր այս երեք գրագէտներուն մասին։ Ղազարոս Աղայեան յարաբերաբար աւելի յայտնի անուն է, բայց գրեթէ միայն անունով։ Իսկ Պռօշեան ու Նար-Դոս երկու անծանօթ հեղինակներ են, որոնք եւս անպայման մեր դիմաց պիտի ելլէին Կովկասահայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ մեր կատարած պտոյտի ընթացքին։

Պտոյտին եօթներորդ այս հատորն ալ կ՛ընթանայ նախորդ վեց հատորներով ստեղծուած մտերմիկ մթնոլորտին մէջ։ Անգամ մը եւս յարգանքով պիտի խոնարհինք այս երեք անուններուն առջեւ ու անոնց անուններուն մեջէն պիտի ողջունենք հայ գրականութեան բոլոր այն չարքաշ, աշխատասէր, զոհաբերեալ սպասարկուները, որոնք իրենց գործերը ստեղծեցին կուրծք տալով ո՜չ միայն անձնական կեանքի դժուարին ու աննախանձելի պայմաններուն, այլ նաեւ հայ մարդոց կողմէ ցուցաբերուած անտարբերութեան եւ տեղ տեղ ալ՝ թշնամական վերաբերումներու։

Իրենք գացին, բայց իրենց անունները քանդակուեցան մեր գրականութեան մայր գիրքին մէջ։ Ա՜յս է ահա գրականութեան չաստուածին օրհնութիւնը։

 

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image