Home / Catalogus / Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ․ հ...
armenain-flag Armeens

Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ․ հատոր ե․

Հատտէճեան, Ռ․ • Literatuur

2009 , Իսթանպուլ (LIT-H HATR 2009)

Հայ գրականութեան քուլիսներէն ներս հինգերորդ պտոյտն է որ կը կատարենք այս հատորով։

Եղիա Տէմիրճիպաշեանի անունը միշտ ալ կը յիշուի Հելլէն Նիսսընի անուան հետ, հակառակ որ այս օտար կինը որեւէ մասնակցութիւն չունի մեր տարաբախտ իմաստասէր-բանաստեղծին գրական ապրումներէն ներս։ Կ՝արժէր սակայն որ անգամ մը ման գայինք Տեմիրճիպաշեանի ու այս տիկնոջ խորհրդաւոր սիրոյ աշխարհին մէջ, եւ տեսնէինք թէ ինչեր կային այդտեղ թաքուն ու դժուար հասկնալի։

Այս հատորին մէջ կ՛ողջունենք նաեւ յիշատակը երկու Պետրոսներու, մեկը Դուրեան, միւսը Ադամեան։

Պետրոս Դուրեան, Սկիւտարի մեր սոխակը, իր կարճատեւ կեանքին մէջ լրիւ ըմպեց դառնութեան բաժակը։ Կը դարձնենք անոր ապրած կեանքին էջերը եւ մեր մորթին վրայ կը զգանք Դուրեանական տառապանքը։

Իսկ դերասան Պետրոս Ադամեան որքան տաղանդաւոր պէտք է ըլլար, որպէսզի Պոլսէն Կովկաս երթալով կարենար պարտադրել իր անունն ու իր արուեստը։ Մեծանուն դերասանը, որ այնքան սիրուեցաւ Ռուսահայոց կողմէ, մեզ ալ իրեն հետ պիտի տանի դէպի մեզի անծանօթ այդ աշխարհը։

Ասիկա պտոյտ մըն է այն աշխարհին մէջ, որուն բնակիչներուն համար բոլոր ճամբաները կ՛երթան դէպի նոյն կետ։ Դէպի՝ անմահութիւն։ 

 

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image