Armeens
Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ․ հատոր բ․
Հատտէճեան, Ռ․ • Literatuur
2008 , Իսթանպուլ (LIT-H HATR 2008)
“Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ” շարքի այս երկրորդ հատորին մէջ մենք մեր ընթերցողներուն կ՛առաջարկենք մեզի հետ ման գալ այս անգամ Համաստեղի, Սիամանթոյի, Թէոդիկի, Խաչատուր Միսաքեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Թլկատենցիի, Զապէլ Ասատուրի, Դանիէլ Վարուժանի, Յ․Ծ․ Սիրունիի, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի, Գուրգէն Մահարիի կեանքի մտերմութեան մէջ եւ ափսոսալ՝ թէ ինչպիսի տառապանքներ ու զրկանքներ պարտադրուեր են այդ տաղանդաւոր մարդոց, ոմանք զոհ՝ 1915-ի տեղահանութեան, ուրիշներ զոհ՝ ուրիշ հորիզոններու վրայ կատարուած անիրաւութիւններու ու պարտադրուած աքսորներու ու սպանդներու։
Հրահանգիչ շատ բան կայ մեծերու ապրած կեանքին մէջ։ Դասեր պիտի քաղենք այդ շատ բաներէն, բայց ամէն բանէ առաջ, յարգանքի ու սիրոյ համբոյր մը պիտի ղրկենք բազմաչարչար մարդու անոնց յիշատակին։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak