Armeens
Երթաս բարով
Գարագիւթիւք, Լեռնա • Literatuur
2017 , Իսթանպուլ (W-A LIT GARL 2017)
Կը շրջիմ փողոցները
Իսթանպուլի։ Հին Իսթանպուլի։
Տուներուն առջեւ լաթեր կախուած են
Գոյնզգոյն, խանկռած։
Գնչու կին մը կողով մը իջեցուցած վար,
կը ձայնէ նպարավաճառին։
Վերէն ջուր կը կաթկթի։
Թաղարներ կան պատուհանին առջեւ
քով քովի շարուած, գոյնզգոյն ծաղիկներով․
լաչակաւոր կին մը կը ջրէ զանոնք։
Լաւ որ չեն իյնար փոթորիկին,
կը մտածեմ։ Փոթորիկի՞ն։
Այդ տուներուն երբեմնի բնակիչները
ո՞ւր են հիմա։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak