Home / Catalogus / Թոպի Թայլըր
armenain-flag Armeens

Թոպի Թայլըր

Օթիս, Ճէյմս • Literatuur

1969 , Իսթանպուլ (W-A LIT OTIC 1969)

Մանկա-պատանեկան գրականութեան դասականներէն է “Թոպի Թայլըր”ը։ Դեռատի Թոպիի արկածախնդրութիւնները, որոնք այս վէպին մէջ կը պատահին կրկէսի մարդոց միջեւ, իրականին մէջ պատմութիւնն են շատ աւելի մեծ կրկէսէ մը ներս ապրուած կեանքին, պայքարներու, յոյսերու, տուայտանքներու եւ ապրումներու ու տառապանքներու, Կեանքի Կրկէսին, ուր ամէն մարդ քիչ մը Թոպի Թայլըր է։

“Թոպի Թայլըր”ի աշխարհը մե՜ր աշխարհն է եւ իրենց կրկէսը, որ կը շրջի քաղաքէ քաղաք, գաւառակէ գաւառակ, իրականութեան մէջ մեր կեանքն է, մեր առօրեան, որ կ'ապրի նաեւ մե՜ր իսկ մէջ, ինչպէս մենք՝ անոր, ամբողջ աշխարհի վրայ, երկրէ երկիր, ուր մեծ ձուկերը միշտ կ'ուզեն կլլել պզտիկները՝ իբրեւ բնական օրէնքը կեանքին եւ որուն դէմ կը պայքարին ոմանք ալ՝ յանուն մարդկային արժանապատւութեան եւ ի փրկութիւն ճշմարիտի գաղափարին եւ արդարութեան։ 

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image