Armeens
Բարեւ Հալէպ
Պետիկեան, Գէորգ • Literatuur
2007 , Հալէպ (W-A LIT PETG 2007)
Երկու շաբաթներու համրանքով, շուրջ չորս տասնամեակներ հեռու մնալէ ետք, առաջին առիթով կ՝այցելեմ Հալէպ։
Այսպէս Յուլիսի վերջերուն օր մը, առաւօտ կանուխ կը հասնիմ այդ երանելի ծննդավայրս։ Ես ու կինս արիւն քրտինք մտած դուրս կու գանք օդակայանէն։ Մեզ կը դիմաւորէն պատանեկութեան տարիներու մտերիմ ընկերս՝ Տիգրանը, իր կողակիցը՝ Սօնան եւ հաւատաւոր ընկերներէս՝ Վահէն։
Սրտի տրոփումներուն հետ, անոնց աչքերուն փոխանցիկ խոնաւութիւնը կը զգամ։
Կը համբուրուինք, կը յուզուինք երկա՜ր։ Բարձրաձայն ու իրարու անհասկնալի բառերով կը խօսինք։ Միայն Աստուած գիտէ, թէ այդ վայրկեանին իրարու ինչե՜ր կ՝ըսէինք։
․․․
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak