Home / Catalogus / Թութա՞կ ես, ծօ՜
armenain-flag Armeens

Թութա՞կ ես, ծօ՜

Սարոյեան, Ուիլիըմ • Literatuur

2018 , Ստանպուլ (W-A LIT SARU 2018)

Ուիլիըմ Սարոյեան (1908-1981), Ի դարու համաշխարհային գրականութեան դասական արձակագիրներէն, Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր անկիւնները կ՚որսայ հայու կեանքեր ու զանոնք կը վերածէ եզակի պատմութիւններու։ Իւրաքանչիւր պատմուածք ուրոյն դէմք մը կը ներկայացնէ մեզի՝ երբեմն ծիծաղաշարժ, սակայն խորքին մէջ նաեւ՝ քիչ մը տխուր։ Ըլլալով հանդերձ փառքի գագաթներ նուաճած հեղինակ մը, Սարոյեան երբեք չէ կորսնցուցած իր մանկական խանդավառութիւնը, կեանքը անմեղի մը աչքերով դիտող ու հարցաքննող մօտեցումը, ապրելու ու արտադրելու եռանդը։ Պարզութիւնն ու յստակութիւնը, զոր ան ունի ամենաբարդ երեւոյթներու իսկ դիմաց, զինքը կը վերածէ ո՛չ միայն մեծահասակներու, այլ նաեւ, եւ աւելի՛, մանուկներու ու պատանիներու համար սիրելի հեղինակի մը։

 

«Թութա՞կ ես, ծօ՛» հատորը կազմուած է Յովհաննէս Շէօհմէլեանի թարգմանութեամբ, Արամ Սեփեթճեանի խմբագրութեամբ 1994-ին Պէյրութի «Սիփան» հրատարակչատան կողմէ տպագրուած «Պատմուածքներ»ու երկրորդ հատորին հիման վրայ։ Վերստուգած է Հրակ Փափազեան և խմբագրած՝ Սեւան Տէյիրմենճեան:

 

Գիրքը հասցէագրուած է ո՛չ միայն մեծահասակներուն, նաեւ պատանիներուն եւ մանուկներուն։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image