Home / Catalogus / Օրեր եւ դէմքեր
armenain-flag Armeens

Օրեր եւ դէմքեր

Գալէմքեարեան, Զարուհի • Literatuur

1965 , Երուսաղէմ (W-A LIT GALZ 1965)

Արարատի ծաղիկ

 

Վըտիտ ու տանջուած ծաղիկ

Իմ ցեղիս պէս,

Որուն արեւն է ցամքած․

Ինծի կը բերես հեռուներէն

Յիշատակներ ու ցաւեր՝

Արցունքով թրծուած։

 

Շափրակներուդ վըրայ կը կրես

Յօղաթուրմ շունչը

Աստուածագեղ Ախուրեանին,

Ու Պահլաւունեան ու Բագրատունեան

Իշխանազարմ տիտանները կանգնագեղ՝

Իրենց աճիւնովն են պարենաւորած

Քու ցօղունդ ծածկոցածին։

 

Դարեր եւ տարիներ

Կ՛ամփոփես դուն,

Ու փխրուն թեւերուդ վրայ

Ես կը կարդամ մեծ հոգեվարքը

Քանդըւած ու աւերակ Անիին։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image