Home / Catalogus / Յանուն հօր եւ որդւոյ
armenain-flag Armeens

Յանուն հօր եւ որդւոյ

Պէրպէրեան, Վահէ • Literatuur

2017 , Ստանպուլ (W-A LIT PERV 2017)

«Արաս» հրատարակչատունը ընթերցողներու սեղանին կը դնէ սփիւռքահայ անուանի արձակագիր, թատերագիր, դերասան ու գեղանկարիչ Վահէ Պէրպէրեանի «Յանուն հօր եւ որդւոյ» վէպը։

Նրբօրէն հիւսուած, շարժանկար մը յիշեցնող վէպին մէջ, հօր մը եւ իր զաւկին երկու աշխարհները իրարու կը բախին, Հոլիվուտի մէջ, 1980-ական թուականներուն, երբ երիտասարդ ամերիկացի պոռնիկ մը ապաստան կը գտնէ անոնց տան մէջ: Որդին՝ Հրայրը, որ հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ է ու իրիկուններն ալ՝ սիրող դերասան մը, կը սիրահարուի աղջկան, եւ այս պատճառով կը դառնայ իր շուրջիններուն թիրախը։ Հօր՝ Յարութիւն Մարոնեանի, եւ որդւոյն միջեւ մշակութային եւ բարոյական բախումը երթալէն կը սաստկանայ մինչեւ որ խնդրոյ առարկայ երեք կերպարներուն կեանքերը տակնուվրայ կ’ըլլան:

Պէրպէրեանի այս զգայուն գործը, որ երբեմն դրուագ առ դրուագ կը յղուի նաեւ հօր եւ որդւոյ անցեալին, կը բանայ ընկերային, մշակութային եւ սեռային աշխարհ մը, որ իր անկեղծութեամբ կը ցնցէ ու կը յուզէ ընթերցողը՝ պարգեւելով միաժամանակ հաճելի ընթերցանութիւն մը։

Այս մէկը Վահէ Պէրպէրեանի երկրորդ վէպն է՝ «Նամակներ Զաաթարէն» գործէն ետք: Առաջին անգամ հրատարակուած է Լոս Անճելըսի մէջ, 1999-ին, Wet Paint-ի, իսկ թրքերէն լեզուով՝ 2008-ին Պոլսոյ մէջ հրատարակչատանս կողմէ: Գիրքը անգլերէն լեզուով ալ լոյս տեսաւ 2015-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, դարձեալ Wet Paint-ի կողմէ:

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image