Home / Catalogus / Իրիկուան տոմսեր
armenain-flag Armeens

Իրիկուան տոմսեր

Մուրատեան, Կարպիս Ե․ • Literatuur

1967 , Իսթանպուլ (W-A LIT MURK 1967)

Լրագրութիւնը թէ արհեստ է, թէ ասպարէզ, թէ արուեստ է, թէ գեղարուեստ։ Ո՞րն է։

Ատիկա կապ ունի՝ պատրաստութեան, տրամադրութեան, հակումներուն, զգացումներուն, բնածին յատկութիւններուն եւ մանաւանդ մշակոյթին հետ անոր, որ կ՛ընդգրկէ այդ ասպարէզը։ Ու այդ ասպարէզը ունի իր բազմաթիւ երեսակները, որոնք բոլորն ալ ունին իրենց դժուարութիւնները, իրենց հաճելի եւ անհաճոյ կողմերը։

Տոմսակագրութիւնը, կամ քրոնիկագրութիւնը մէկն է այդ երեսակներէն։ Միտքի, գաղափարի, ոգիի խտացեալ արտայայտութիւններ են իբր “տոմսակ” կամ “քրոնիկ” գրի առնուած յղացումները, որոնք օրուան դէպքերը կը դիտեն շատ վերէն, տարբեր ակնոցով եւ կամ այդ դէպքերուն մէջ կը խորանան, երեւան հանելով ընկերային կեանքի բազմաթիւ վէրքերը, տգեղ կամ գնահատելի երեւոյթները։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image