Armeens
Ժամերգութիւնք եւ երգեցողութիւնք Ս․ պատարագի
Անանուն • Godsdienst
1969 , Իսթանպուլ (REL-T ANON 1969)
(դպրաց դաս երգչախումբերու կեդրոնական խորհրդոյ նախաձեռնութեամբ)
Իսթանպուլահայ Դպրաց Դաս Երգչախումբերու Կեդրոնական Խորհուրդս պարտականութիւն նկատեց վերստին տպագրել տալ սոյն ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆՔ եւ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆՔ Ս․ ՊԱՏԱՐԱԳԻ գիրքը որ պիտի գայ լրացնել մէկ պակասը մեր Դպրաց Դասերու։
Այս մեր ձեռնարկին նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրավիգ հանդիսացան Պէյօղլուի Թաղականութեան մեծայարգ անդամները, որոնց խորին շնորհակալութիւն յայտնել պարտականութիւն կը համարենք։
Եթէ առաջադրութեան իրագործումով կրցանք դոյզն ինչ սատար հանդիսանալ մեր Դպրաց Դասերուն, այդ մեզ պիտի պարգեւէ սրտի անհուն բերկրանք ու գոհունակութիւն։
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak