Armeens
Ամէնուն տարեգիրքը 1959, Զ․ տարի
Գէորգեան, Կարօ • Cultuur
1959 , Պէյրութ (A-C HIS GEOK 1959)
Մեր Ե․ հատորի յառաջաբանին վերջին տողերով “ցտեսութիւն” կ՝ըսէինք մեր ընթերցողներուն, 1959ի Ամանորին համար։ Վասնզի աւանդօրէն առաջադրած էինք այս Զ․ հատորը դարձեալ հասցնել եւ հրապարակ հանել Նոր Տարուան անմիջական նախօրեակին։ Եւ սակայն, “Խորհուրդ մարդկան, կամք Աստուծոյ”, - “տան հաշիվը չյարմարեցաւ շուկայի հաշուոյն” դժբախտաբար, և ահա, այս անգամ, Տարեգրքիս այս նոր հատորը լոյս կը տեսնէ 4-5 ամիսներու բացառիկ յապաղումով մը։ Բացառիկ, որովհետեւ աւելի քան բացառիկ, աննախընթաց եւ նախատեսումը բոլորովին անհնարին տարի մը բոլորեցինք սահմաններուն մէջ բոլորիս սիրելի Լիբանանին, ուր կը հրատարակուի այս Տարեգիրքը։
Ծանօթ են մանրամասնութիւնները Լիբանանի ապրած արիւնալի ողբերգութեան, որուն անմիջական հետեւանքով ստեղծուած պայմանները անկարելի կը դարձնէին ամէն կարգի դրական եւ գրական աշխատանք, լիբանանեան ապստամբութեան հինգ ամիսներու ընթացքին։
Ook online
PDF bekijken