Armeens
Հարճը
Վարուժան, Դանիէլ • Literatuur
1952 , Պէյրութ (W-A LIT VARD 1952)
Գարնանամուտ երեկոյ մ’իր պալատին մէջ մարմար,
Բակուր, Սիւնեաց Նահապետ, շքեղ հանդէս մը կու տար,
Երբ ուղևոր մը յանկարծ մըրըրկարշաւ կը հասնի
Լուսնկափայլ ճամբայէն` մեծ դըրան քով արքենի:
Ձին կը հևայ, ու բերնին փըրփուրն` հողմէն միշտ խլուած`
Կը թըրջէ թամբն համօրէն, ասպանդակներն ոսկեմած:
Հեռուներէն ան կու գայ, զայս կը մատնէ թէ՛ փոշին,
Որ դիզուեր է խաւերուն մէջ թիկնոցին թաւիշին,
Թէ՛ նըժոյգին վըրընջիւնն աստեղացունց մաքրութեամբ`
Որ կը խընդրէ ախոռին գոլուտ հանգիստը անթամբ:
․․․
Ook online
PDF bekijken