Armeens
Անդրշիրիմեան ձայներ (պատասխան՝ Գուրգէն Մահարիի)
Սնապեան, Պօղոս • Literatuur
1960 , Պէյրութ (LIT-H SNAP 1960)
Հայհոյանքը փաստի սով է։
Յ․ Պարոնեան
“Սովետական Հայաստան” ամսաթերթի Մայիսի թիւին (5) մէջ, Գուրգէն Մահարի յօդուած մը ստորագրած է “Միջնաբերդ”ի դէմ, “Սապատաւորին գերեզմանն անգամ չի ուղղի” խորագրով։
Մահարին բանաստեղծ է կուսակցական ըլլալէ առաջ։
Քաղաքացի է գրագէտ ըլլալէ յետոյ։
Կեանքին տաքն ու պաղը տեսած հայ մարդ մըն է ամէն բանէ առաջ, եւ, ընթերցողը իրմէ կը սպասէ համեմատական լրջութիւն մը, խոհական կեցուածք մը։ Մինչ Մահարին, ընդհակառակն, լքած իր արժանաւոր դերը ու բանաստեղծի բարձունքէն վար իջած՝ թոյլ կու տայ ինքն իրեն սովորական մահկանացուի մը պէս անհակակշիռ զեղումներ ունենալ։ Մահարին կը հայհոյէ փոխանակ հիմնաւորուած խօսք մը ըսելու, մտածելու տեղ կը մոլեգնի եւ հարցերը լրջացնելու տեղ անոնց մակերեսէն ընթանալով կը մաղձոտի։
Ook online
PDF bekijken