Armeens
Յարութեան պատգամը
Յակոբեան, Հ․Յ․ • Godsdienst
1939 , Անթիլիաս (REL-T HAKH 1939)
Ինչպէս բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները, նոյնպէս և Հայաստանեայց Եկեղեցին անգամ մ՝ալ կ՝աւետէ մեզ իր հոգեշունչ երգերով ու քաղցրալուր ձայներով կենսատու պատգամը - Քրիտոս յարեաւ ի մեռելոց։ Զատիկն ու գարունը զիրար կ՝ողջագուրեն տարւոյն այս եղանակին մէջ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ։
Զատիկ եւ գարուն նոյն ճշմարտութիւնը կը յայտարարեն մարդկութեան՝ մին բնութեան զարթումով՝ և միւսը Յարութեան պատգամով թէ՝ հոգին անմահ է, մարդը պիտի վերապրի։
Ook online
PDF bekijken