Armeens
Մայրենի լեզու, Բ տարի
Ալեքսանեան, Զ․Հ․; Սարմէն, Ա․Ս․; Հատիտեան, Գ․Ն․ • Taal
1969 , Երեւան (LAN ALEZ 1969)
Ինչպէս անցուցինք ամառը
Ամառն ամբողջ մենք անցուցինք
Անտառներուն, դաշտերուն մէջ,
Արտերուն մէջ վազվզեցինք,
Աշխատանքի սիրով անշէջ։
Խուրձ կապեցինք մենք ոսկեգոյն,
Բարձրացուցինք դէզեր հսկայ,
Հասկեր առինք, կուռ ու լեցուն,
Լեռ կազմեցինք իրար վրայ։
Մենք ջրեցինք արտ ու արօտ
Եւ ծաղիկներ անուշահոտ։
Աշխատանքէ վերջ խմբովին
Գացինք գետին մէջ լողալու,
Եւ շատ յաճախ ծառի շուքին
Տակ նստեցինք գիրք կարդալու։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak