Armeens
Կեանք մը նուիրուած Աստուծոյ եւ ազգին 1911-1961
Ֆէրհաթեան, Հ․ Բարսեղ • Godsdienst
1961 , Վիեննա (REL-CH FERB 1961)
Տեսած կամ ճանչցա՞ծ էք զինքը։
Մեր տաճարներու պատկերներէն իջած ալեփառ հայրապետ մը․ իսկական Սահակ կամ Մաշտոց մը․ գլուխ մը՝ լուսաթաթախ մտածումներով, մօրուքը մետաքսէ ալիքներու պէս կը վիժէ կուրծքին վրայ, աչքերուն մէջ շող եւ ցոլքի ծով, որոնց մէջէն ժպիտը ծորուն մեղրի պէս կը հոսի յար․ արծաթեայ հնչեղ ձայն, կանգուն հասակ, ոչինչ՝ որ մատնէր իր տարիքը։
Այո, այդպէս է Գերապայծառ Հ․ Մեսրոպ Արքեպ․ Հապոզեան, Վիեննական Ուխտին Ընդհանրական Աբբահայրը։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak