Armeens
Հեղինակ, կեցի՜ր (վէպ)
Տատրեան, Ատրինէ • Literatuur
1980 , Իսթանպուլ (W-A LIT TATA 1980)
Անիրական պատկեր շրջապատս։ Կը քալեն, կը զուարճանան։ Ո՞ւր եմ։ Ինչո՞ւ եկած հոս։
Անոնք՝ կը թուին իրենց հակազդեցութիւններով շինուած շարժող մեքենաներ։ “Կեցի՜ր, վարորդ, կայքս հոս է”։
Կ՝իջնեմ, իջնել կը կարծեմ։
Ո՜չ ինքնաշարժ, ո՜չ վարորդ։ Խեղճ պատկերս կեցած դէմս, կրկնացոլացումը անձիս, թերեւս բոլոր անոնց, որոնք՝ անջատուած են ինձմէ սա միջօցին։
Կը քալեն մարդիկ, այր, կին, երիտասարդ ու ծեր, կը խարխափեն։ Իրենց աչքերը կոյրի աչքեր, կը շօշափեն, կը փնտռեն երթալիք տեղը։ Ապաստանած իրենց կոյր գիտակցութեան։ Կը զարնուին իրարու, պատին, առարկայի մը մարդոց։
Ook online
PDF bekijken