Armeens
Անկապ էջեր․․․
Լաչինեան, Ենովք • Literatuur
1979 , Paris (W-A LIT LACE 1979)
Ամէն օր, օրը տասն անգամ, փառք կուտամ որ ճակատագիրը զիս չէ դատապարտած ուղեղի քրտինքով օրապահիկս ճարելու՝ հայերէն գիրքեր յօրինելով։
Երիտասարդութեան շրջանին ամէն մարդ խենդութիւն մը կ՝ընէ։ Կան որ բանաստեղծութիւն կը գրեն։ Ոմանք դերասանութեան տենչով կը վառին։ Ուրիշներ օտարի հետ կ՝ամուսնանան։ Ես ալ երգիծական նիւթ մը մշակեցի։ Ամիսներ աշխատեցայ այս գրքոյկիս վրայ, բայց ջանքս ունայն մնաց երբ օր մը ձեռագիրը կորսուեցաւ․․․ մայրս սխալմամբ զայն նետած էր աղբերուն հետ։
Ես պէտք էի ըմբռնել թէ նախախնամութիւնը իր անհուն իմաստութեամբ այդպէ՜ս յարմար տեսեր է։ Բայց երիտասարդ էի։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak