Armeens
Պատմութիւն հայոց նախակրթարանի Գ․ դասարաններու համար․ Կիլիկիա եւ ժամանակակից շրջան
Յովհաննէսեան, Հ․ Վահան • Geschiedenis
1973 , Վենետիկ (A-HIS HOVV 1973)
Կիլիկիա
Երկիր մը կայ Միջերկրական ծովին հիւսիս-արեւելեան եզերքներուն վրայ որ Կիլիկիա կը կոչուի շատ հին ատենէ ի վեր։ Այս երկիրը մէկ կողմէն Միջերկրական ծովն ունի, հիւսիսէն Տաւրոսի բարձր լեռները, արեւելքէն Ամանոսի լեռները, որոնք Սեւ լեռ ալ կը կոչուին։ Մահմետականները Կեավուր տաղ կը կոչեն։ Ծովին եւ այս լեռներուն մէջ կը տարածուի փոքրիկ՝ բայց շատ բարեբեր դաշտագետին մը, որ Ատանա քաղաքին անունով Ատանայի դաշտ ալ կ՝ըսուի։ Շատ հին ատենէն այս դաշտին մէջ բամպակ կը ցանեն եւ ընտիր բերք կու տայ եւ շատ դրամ կը շահեցնէ բնակիչներուն։ Իսկ ծովեզերքներուն վրայ կը բուսնին առատ նարինջ, արմաւ եւ պանան, որովհետեւ շատ տաք ու խոնաւ կլիմայ ունի։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak