Home / Catalogus / Գիտութեան դասեր (իրագիտութիւն), B. Տարի (տ...
armenain-flag Armeens

Գիտութեան դասեր (իրագիտութիւն), B. Տարի (տարրական դասընթացք)

Ասլանեան, Մ․ • Overig

1936 , Իսթանպուլ (SCI ASLM 1936)

Ցորեն

 

Սնունդ․ - Անցեալ տարի սորվեցանք թէ, ցորեն ունենալու համար, ցորենի հատիկներ կը ցանեն հերկուած հողերու մէջ։

Բայց չկարծէք թէ ամէն հողի մէջ գտնուած հատիկը կը ծլի, ցորեն կ՝ըլլայ։ Քարուտ եւ աւազուտ տեղերու մէջ ցորեն չի բուսնիր։ Բոյսներն ալ մեզի պէս սնունդի պէտք ունին, ապրելու համար։ Ուրեմն արտ մը պէտք է սննդարար նիւթեր պարունակէ, բերրի ըլլայ, որպէսզի ցանուած հատիկները կարենան սնանիլ։

 

Ook online

PDF bekijken
catalog-image