Home / Catalogus / Հայկարան․ Գ․ գիրք
armenain-flag Armeens

Հայկարան․ Գ․ գիրք

Թաշեան, Բ․ • Taal

1953 , Գահիրէ (LAN TASB 1953)

Վաղը կու գաս դպրոց

 

     Հօրս վաղահաս մահը խոր թշուառութեան մատնեց մեզ։ Խեղճ մայրս հազիւ կը հասնէր մեր չոր ապրուստին, գիշեր-ցերեկ աշխատելով։ Չկրցաւ վճարել ուսմանս վարձքը, ու ես մնացի առանց դպրոցի։

     Կեցած եմ ահա դպրոց տանող իմ ամէնօրեայ ճամբուս վրայ, տխուր ու մտածկոտ։ Առջեւս կը տարածուի մեր գիւղի մեծ առուն։ Մէկ քանի սագեր կը լողան ջուրերուն մէջ, ուռիներու օրօրուող ճիւղերուն տակ։ Դիմացի ափին վրայ, կը տեսնուին տուն վերադարձող դպրոցականներ․ կը խօսին ու կը խնդան, ուսուցիչներու ձեւերը կ՝ընեն, երբեմն կը պոռան, կը հրեն կը հըրմըշտկեն զիրար։ Գլուխս չեմ բարձրացներ, բայց կը զգամ, որ անոնց ուրախ կանչերը, հնչուն ծիծաղն ու աղմկալից կատակները մտրակի պէս կ՝իջնեն հոգիիս վրայ։

Ook online

PDF bekijken
catalog-image