Armeens
Հայ գողգոթան․ դրուագներ հայ մարտիրոսագրութենէն․ Բ․ հատոր․ Պեռլինէն դէպի Տէր Զօր
Պալաքեան, Գրիգորիս եպիսկ․ • Geschiedenis
1959 , Փարիզ (G-HIS PALG 1959)
“Հայ Գողգոթայ”ի Բ․ հատորին ձեռագիրը լրացած էր արդէն 1923 թուականին, երբ Գրիգորիս եպիսկոպոս Պալաքեան Մանչեսթրի Առաջնորդ էր։ Կը խորհինք որ նիւթական դժուարութիւններ պատճառ եղան որ անոր հրատարակութիւնը յետաձգուի։ 1934 թուականին, Սրբազան Հօր վախճանումէն վերջ ի Մարսէյլ, անոր անձնական առարկաները եւ թուղթերը փոխանցուեցան իր քրոջ Տիկին Ռօզա Անդրէասեանի։ Այս վերջնոյն մահէն ետք, 1956ին, իր գոյքերուն մէջ գտնուեցան Սրբազանին ձեռագիրները եւ ի մէջ այլոց "Հայ Գողգոթայ"ի Բ․ հատորը։
Ook online
PDF bekijken