Home / Catalogus / Կիւլիվըրի ճամբորդութիւնները
armenain-flag Armeens

Կիւլիվըրի ճամբորդութիւնները

Սուիֆթ, Ճոնաթան; Կոպէլեան, Երուանդ (թարգմ․) • Literatuur

1973 , Իսթանպուլ (W-A LIT SUIC 1973)

Հայրս քիչ մը հող ունէր Նաթինկէմշայրի մէջ։ Երբ տասնըչորս տարեկան եղայ, զիս Քէմպրիճի բարձրագոյն վարժարաններէն մէկը ղրկեց, որպէսզի ուսումս հոն շարունակեմ։

Դպրոցին ծախքերը շատ քիչ էին, սակայն, նորէն ալ՝ հինգ զաւակներու տէր համեստ ընտանիքի մը երեք մանչ զաւակներէն մէկը ըլլալուս համար չկրցայ վերջը բերել եւ հազիւ երեք տարի կրցայ կարդալ։ Անկէ վերջ ալ, չորս տարի իբրեւ օգնական աշխատեցայ Ճէյմս Պէյց անուն փորձառու վիրաբոյժի մը մօտ։ Հայրս երբեմն ինծի փոքրիկ գումարներ կը ղրկէր՝ մանրումունր ծախքերս հոգալու համար, իսկ ես այդ դրամները կը գործածէի զանազան գիրքեր գնելու՝ ճամբորդական եւ աշխարհագրական գիտելիքներ ամբարելու համար շարունակ։

 

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image