Home / Catalogus / Մանկական հեքիաթներ
armenain-flag Armeens

Մանկական հեքիաթներ

Կրիմ եղբայրներ • Literatuur

1982 , Պէյրութ (WO-LIT KRIM 1982)

Կարմրիկը

 

Կար ու չկար, աղուոր, սիրուն աղջնակ մը կար։ Ամէն մարդ կը սիրէր զինք, բայց ամէնէն աւելի զինք սիրողը իր հանին էր, որ ուղղակի խենթ կ՝ըլլար իր թոռնիկին համար․․․։

Հանին օր մը սրածայր կարմիր գլխարկ մը կը նուիրէ իր թոռնիկին, եւ այս գլխարկը այնքա՜ն կը վայելէ, այնքա՜ն կը վայելէ աղջնակին, որ ան ա՜լ ուրիշ գլխանոց գործածել չի ուզեր։ Իսկ երբ մայրն ալ իրեն նոյն գոյնով հագուստ մը կը հագցնէ, ամէն մարդ, տեսնելով վերէն վար կարմիր հագած այդ աղջնակը, զինք կը կոչէ Կարմրիկ։

Ook online

PDF bekijken
catalog-image