Armeens
Բաց տոմարը
Շահնուր, Շահան • Literatuur
1971 , Փարիզ (W-A LIT SHAS 1971)
Հիմնական տարբերութիւն մը զիս կը բաժնէ իմ փաթրոնէս։ Մինչդեռ ան բնիկ Փարիզցի մըն է յաղթանդամ, ես պարզապէս Էմիլն եմ։ Մինչդեռ ան ձեռներէց պատկառազդու եւ բարեկեցիկ անձ մըն է, ես պարզապէս Էմիլն եմ։
Էմիլ՝ իմ անունս է, տասնըվեց ամիսէ ի վեր։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ տասնըվեց ամիս եւ կոտորակներ։ Այդ կոտորակներէն առաջ ես կը կոչուէի Ժան-Փիէռ, Առման եւ Ռոպէր, անուններ՝ որ ինծի տրուած են յաջորդական գործատեղիներու մէջ, տեսակ մը պայմանագրութեամբ։ Ֆրանսացիները իմ վաւերական անունս կ՝արտասանեն այնպէս, ինչպէս կարելի չէ գրել եւ ոչ մէկ լեզուով։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak