Armeens
Ցայգալոյս․ հատուածներ
Զարդարեան, Ռուբէն • Literatuur
1959 , Վենետիկ (W-A LIT ZARR 1959)
Ռուբէն Զարդարեանի գործերը՝ որ մեծ մասամբ կը կայանան խմբագրականներէ, գրական յօդուածներէ, վիպակներէ, արձակ բանաստեղծութիւններէ, գաւառական բնանկարներէ, տեղական կեանքի նկարագրութիւններէ, ցրուած են գրեթէ ամբողջապէս թերթերու մէջ։
Հրատարակած է Մեղրագէտ ընթերցարանները, որոնց պատրաստութեան առթիւ կ՝ընդարձակէ եւրոպական գրականութիւններու հետ ունեցած իր շփումը։ Բացի միջազգային գեղեցիկ էջերու հայացումներէն՝ զոր թերթերու միջոցաւ կը հրատարակէր, սկսած էր թարգմանել Անաթօլ Ֆրանսի “Աստուածները ծարաւի են” վէպը, որ տարագրութեան պատճառաւ կիսատ մնացած է։
Իր կարեւոր գործը, սակայն, որ այսօր զինքը կը ներկայացնէ՝ է Ցայգալոյսը, հրատարակուած Պոլիս 1910-ին։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak