Home / Catalogus / Սուրբ Ղազար մայրավանք մխիթարեան միաբանութեան
armenain-flag Armeens

Սուրբ Ղազար մայրավանք մխիթարեան միաբանութեան

Անանուն • Geschiedenis

1966 , Վենետիկ (A-D HIS ANON 1966)

Եւրոպա անցնող ամէն հայ ուղեւոր, ուխտաւորի պէս կու գայ այցելելու Ս․ Ղազար՝ Մխիթարեան Միաբանութեան մայրավանքը, հիմնուած Մեծն Մխիթար Սեբաստացիէն։

Ս․ Ղազար վանքը, Վենետիկի գեղազուարճ լճակին վրայ ակունքի մը պէս զետեղուած, դարձած է արդարեւ ԺԸ․ դարուն՝ հայկական գրականութեան վերածնունդի վառարանը, եւ այդ պատճառով բոլոր ազգայինները կ՝ուզեն զայն տեսնել, ճանչնալ եւ հաղորդուիլ անոր հոգեկան եւ մտաւորական շունչով։

Այս համառօտ առաջնորդը նպատակ ունի գաղափար մը տալու Միաբանութեան հիմնարկութեան եւ անոր կատարած դերին հայ պատմութեան մէջ՝ սկսեալ իր ծագման օրերէն մինչեւ այսօր։

Ook online

PDF bekijken
catalog-image