Armeens
Ու ես կ՝երթամ
Պալըմեան, Շաւարշ քահանայ • Geschiedenis
2005 , Ստանպուլ (W-A HIS PALS 2005)
Ու Ես Կ’երթամ հատորը կը բովանդակէ Շաւարշ Քահանայ Պալըմեանի ստորագրութեամբ 1964-1970ի միջեւ Մարմարա օրաթերթի մէջ համանուն խորագրին ներքեւ լոյս տեսած 57 գրութիւններ, որոնք մեծամասնութեամբ արդիւնքն են քահանայական պաշտօնով դէպի գաւառ՝ յատկապէս դէպի հարաւային եւ արեւելեան նահանգներ կատարած իր ճամբորդութիւններուն: Այս գրութիւնները կարեւոր են որովհետեւ կը ներկայացնեն այսօր ալ աւելի նօսրացած ու նոյնիսկ ամայացած «հայ Անատոլու»ի քառասուն տարի առաջուան հարազատ մէկ նկարը ու կրնան օգտակար հանդիսանալ անոնց, որոնք կ’ուզեն կամ պիտի ուզեն բաներ մը իմանալ այդ շրջանի մասին, ինչպէս կ’արտայայտուի բժիշկ Պարգեւ Պալըմեան, գրքի յաւելուածի բաժնին մէջ, իր «Յիշողութենէս հատուածներ հօրս կեանքի ոդիսականէն» գրութեան մէջ: «Ու Ես Կ’երթամ»ներու շարքին վերջաւորութեան զետեղուած է Շաւարշ Քահանայի հակիրճ ինքնակենսագրականը, իսկ յաւելուածի բաժնին մէջ, «Ու անոնք ալ գացին…» ները:
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak