Armeens
Աստուածաշունչին պատգամը այսօրուան մարդուն
Մելոյեան, Վաղինակ վրդ․ • Godsdienst
2007 , Պէյրութ (REL-T MELV 2007)
Աւելի քան 155 հոգեւոր մեկնութիւններու փունջ մըն է այս գրքոյկին մէջ ներկայացուածը։ Աստուածաշունչը ամէն օր նո՜ր բան ունի ըսելիք իր սիրահար ընթերցողներուն։ Ինչպէս արեւը նոյն արեւն է բայց ամէն օր նո՜ր լոյս ու նո՜ր ջերմութիւն ունի տալիք մեզի, այնպէս ալ Աստուածաշունչը բնա՜ւ չի հիննար, նոյնը ըլլալով հանդերձ, ամէն օր նո՜ր լոյս, նո՜ր պատգամ, նո՜ր թարմութիւն կու տայ Աստուածասէր մարդուն։
Քրիստոսէ առաջ շուրջ 1450-ին գրուելու սկսած եւ Քրիստոսէ ետք շուրջ 100 թուականին իր աւարտին հասած Աստուածաշունչը, ինչպէս իր ատենին, այսօր եւս է՜ ու պիտի շարունակէ մնալ այժմէակա՜ն եւ ազդո՜ւ, խօսո՜ւն եւ յաղթակա՜ն, այլակերպիչ եւ կենսագործող։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak