Home / Catalogus / Յուշատետր նուիրուած Պետիկ Հերկելեանի
armenain-flag Armeens

Յուշատետր նուիրուած Պետիկ Հերկելեանի

Բազմաթիվ • Literatuur

Չնշուած (LIT-H MULT 9999)

Թախիծդ, աղջի՜կ

 

Ո՞ր երկրի դստեր հոգին ես, Աղջի՜կ,

Որ առհաւական տառապանքներու

Բեղմնափոշիներ շաղ կու տաս դէմքիս,

Որ ես բարձրանամ

Ընթացքիս տղմուտ գետափին աճած

Մաքառումներու շամփուրներէն ձիգ․․․։

 

Հոգի, նայուածքիդ թելերովը պիրկ

Ո՜ր մէկ արեւի երկրէն ես ձգուեր

Արմատներով բիլ,

Որ քու վարսերուն թաւուտներուն մէջ

Անդիմադրելի բուրմունքը հողին

Կարծես կը յորդի․․․։

 

Չե՜ս խօսիր թէեւ,

Բայց կը զգա՜մ, աղջի՜կ,

Թէ ո՜ր մէկ երկրին կարօտով հրկէզ

Կու գաս արարել

Խաչքարն արիւնիս,

Զոր կը սրսկեմ

Մեր մեռելներուն խոյանքներուն մէջ․․․։

 

Թախի՜ծդ, աղջի՜կ,

Իբրեւ մանանայ կամ սպեղանի

Պիտի անձրեւէ

Քարայրին վրայ Առիւծ Մհերին,

Որուն կանչերուն արձագանքին պէս

Քու քաղցրաթախիծ Պետիկդ բարի կախարդեր է մեզ

Եւ հաներ մարտի․․․։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image