Armeens
Հայոց պատմութիւն, Ա․ մաս
Քիւփէլեան, Նուպար; Տէր Ստեփանեան, Սիլվա (պատրաստեցին) • Geschiedenis
1975 , New York (A-HIS KIWN 1975)
Պատմութիւն, Հայոց պատմութիւն, այն պատմութիւնը որ դարեր ու դարեր շարունակ անսպառ սնունդ տուած է մեր հոգիներուն․ հոն արձանագրուած դէպքերը ուրախացուցած ու հպարտացուցած են մեզ, իսկ մեր ժողովուրդին վիճակուած անարդարութիւնները տխրեցուցած ու արիւնած են մեր սրտերը։ Սակայն ան չէ դադրած ըլլալէ մեր պատմութիւնը, եւ ամէն առթիւ դիմած ենք անոր մենք զմեզ աւելի լաւ ճանչնալու եւ գնահատելու, եւ հոն արձանագրուած հերոսութիւններով ներշնչուելու համար։
Եւ մեր պարտականութիւնը եղած է նոյն զգացումները փոխանցել մեր մանուկներուն, հա՜յ մանուկներուն, անոնց հոգիին խօսող եւ անոնց երեւակայութիւնը խթանող պատկերալից ու պարզ հաղորդակցութեամբ։ Այնպիսի մօտեցումով մը որ անոնք ազատ զգան մասնակցելու անոր հոլովոյթին եւ ընելու իրենց դատումները։
Այս նպատակէն թելադրուած լոյս կ՝ընծայուի “Հայոց Պատմութեան” ներկայ դասագիրքը որ պիտի գործածուի նաեւ որպէս ընթերցանութեան գիրք Հայ Դպրոցներու վերի կարգի աշակերտներուն համար։
Ook online
PDF bekijken