Armeens
Պատկերազարդ ընթերցարան Բ․
Ֆչըճեան, Օննիկ (պատրաստեց) • Taal
1973 , Istanbul (LAN FCHO 1973)
Քանի մը խօսք ուսուցչին
ԸՆԹԵՐՑԱՐԱՆ Ա․ի բնական շարունակութիւնը կը կազմէ ԸՆԹԵՐՑԱՐԱՆ Բ․ը, որ պատրաստուած է նոյն սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալով եւ նոյն դասաւորման ձեւը գործածելով։ Հետեւաբար կը խնդրենք ուսուցիչներէն որ նկատի ունենան ԸՆԹԵՐՑԱՐԱՆ Ա․ին մէջ ուսուցչին ուղղուած “Քանի մը խօսք”ին բովանդակութիւնը եւ նոյնութեամբ կիրարկեն հոն կատարուած թելադրութիւնները։
Մասնաւորաբար կը յանձնարարենք մեր ուսուցիչներուն որ երբեք չբաւականանան դասերէն վերջ տրուած բառերով, հարցումներով, ուղղագրական եւ քերականական վարժութիւններով, այլ ընդհակառակը, ընդարձակեն զանոնք, նորերը աւելցեն եւ առիթ ստեղծեն հիները վերյիշելու։ Աշակերտը պէտք է պատմէ նաեւ իր դասը, գործածելով այն բառերը զորս նոր սորված է։ Ուսուցիչը կրնայ օգտուիլ նաեւ գրքին նկարներէն, անոնց վերաբերեալ զանազան հարցումներ ուղղելով աշակերտին։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak