Home / Catalogus / Երուսաղէմ եւ Կիւլպէնկեաններ
armenain-flag Armeens

Երուսաղէմ եւ Կիւլպէնկեաններ

Չամքերթէն, Աստղիկ • Geschiedenis

2007 , Լիզպոն (A-D HIS CHAA 2007)

Այնքա՜ն գրուած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի՝ քարիւղի թագաւորին, հնութիւններու մեծ հաւաքողին եւ պատուակալ դիւանագէտին մասին, որ կարող էր բանակցիլ անտեղիտալի հեղինակութեամբ, սակայն Սուրբ Քաղաք՝ Երուսաղէմի նկատմամբ, իր եւ իր ընտանիքին կողմէ դարերէ ի վեր տածած խորունկ յարգանքին եւ սիրոյն մասին, գրեթէ ոչ ոք գիտէ։ Եւ այսպիսի տեղեկութիւն մը անկասկած նոր լուսարձակի տակ կ'առնէ մեր նիւթը։ Հոս այլեւս մենք չենք նայիր հարստութեան, քաղաքականութեան եւ կամ համբաւի, թերեւս ալ մենք պարտինք փնտռել գաղտնի եւ յանկուցիչ յարաբերութեան մը, հետեւանքը՝ բնազդի մը, որ ամբողջ սերունդներ այս ընտանիքը սերտօրէն կապած է Երուսաղէմի։ Երկդարեայ Կիւլպէնկեան ներկայութիւն մը խորապէս արձանագրուած է Սուրբ Քաղաքի քարերուն վրայ, ինչպէս կը հաստատեն բազմաթիւ յիշատակարան-արձանագրութիւնները։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image