Home / Catalogus / Աստուածաշունչը
armenain-flag Armeens

Աստուածաշունչը

Հայրապետեան, Գրիգոր Քհնյ․ • Godsdienst

1989 , Ֆրէզնօ (REL-T HAYG 1989)

Մեր այս գրքոյկով պիտի ուզէինք թարմացնել սիրելի ընթերցողներու միտքը Աստուածաշունչի նկատմամբ, որ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ներկայիս ու գալիք ժամանակներու համար վերէն տրուած նուէր մըն է, որմէ կը բղխի ամէն գիտութիւն հոգեւոր թէ երկրաւոր, մեր կեանքը զարդարելու, ուռճացնելու ու պտղաբեր դարձնելու համար։

Աստուածաշունչ Մատեանը խաւարին մէջ լոյս է ու անապատին մէջ՝ ովասիս մը։ Կոտրուելու վրայ եղող եղէգին՝ դարման եւ յուսահատ սրտին՝ անհատնում կորով։ Հոգիով սնանկացած անձին՝ երկնաւոր մանանայ ու կեանքի ջուրերուն վրայ ուղեկորոյս հոգիին՝ փրկութեան առաջնորդող կողմնացոյցը։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image