Armeens
Աւետարանական յորդորներ․․․
Տէրտէրեան, Յովնան Ծայրագոյն Վարդապետ • Godsdienst
1990 , Թորոնթօ (REL-T TERH 1990)
Սոյն ձեռնարկին մէջ կ'ամփոփեմ նախօրոք հրապարակուած երեք յաջորդական քարոզներու գրքոյկներ, զոր խորագրած էի հետեւեալ ձեւով․
“Քաղուածք Աւետարանէն” - Պրակ Ա․
“Աւետարանաշունչ քարոզներ” - Պրակ Բ․
“Հոգեւոր քարոզներ” - Պրակ Գ․
Իմ գլխաւոր նպատակն է, պարզ քարոզներու մատուցումով հայ հաւատացեալին ընձեռել առիթը, հաղորդակից դառնալու աւետարանական պատգամներուն։
Երեք առանձին պրակներով կազմուած այս քարոզգիրքը կ'ուզեմ ձօնել Եղեռնի 75-ամեակի յիշատակին, ինչպէս նաեւ՝ Ղարաբաղի հայ ազատագրական շարժմանը նահատակ մեր հերոսներու հոգիներուն որպէս խունկ։
Յովնան Ծ․ Վարդապետ Միաբան Ս․ Էջմիածնի
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak