Armeens
Յիշատակի ոգեկոչում հայ երգի առաքեալ Կոմիտաս Վարդապետի մահուան յիսնամեակին առթիւ
Բազմաթիվ • Cultuur
1985 , Իսթանպուլ (A-C HIS MULT 1985)
Երգի հայ տիտան եւ հայ երգի տիտան՝ Կոմիտաս
Անուններ կան, որոնք իրենց գործով խոր դրոշմ դրած են մեր պատմութեան վրայ, այս պարագային՝ Կոմիտաս իր որոշիչ դրոշմը դրած է հայ երգի եւ երաժշտութեան պատմութեան վրայ։
Բուն անունով Սողոմոն Սողոմոնեան, ծնած է Կուտինա, 26 Սեպտեմբեր 1869-ին։ Հազիւ մէկ տարեկան՝ կը կորսնցնէ մայրը, իսկ 11 տարեկանին՝ հայրը։ 1881-ին, երբ 12 տարեկան էր, Կուտինայի առաջնորդը՝ Գէորգ վարդապետ Դերձակեան զայն կը բերէ Ս․ Էջմիածին՝ նորակառոյց Գէորգեան ճեմարանի մէջ ուսանելու։
Տակաւին ուսանող, Կոմիտաս արտակարգ շնորհ կը ցուցաբերէ եկեղեցական երգեցողութեան մէջ, եւ հազիւ չորրորդ դասարան՝ կը նշանակուի Մայր Աթոռի երգչախումբի ղեկավար։
Ook online
PDF bekijken