Armeens
Քրիստոնէութեան աստուածային ծագումը
Անանուն • Godsdienst
1880 , Կոստանդնուպոլիս (REL-T ANON 1880)
Ամէն բան փորձեցէք, բարին ամուր բռնեցէք։
Ա․ Թես․ Ե․ 21։
Իբր ութեւտասն դար առաջ Հռոմայեցի կայսերք իրենց իշխանութիւնը տարածեցին բոլոր քաղաքակրթեալ աշխարհի վրայ, այնպէս որ անոնց տէրութիւնը հասաւ իր զօրութեան վերջին ծայրը։ Այս ժամանակը որուն վրայ կը խօսինք՝ մտաւորական զարգացման կողմանէ նշանաւոր էր։ Կիկերոն կ՝ըսէ թէ ուրիշ որեւիցէ ժամանակի մէջ այնչափ երեւելի անձինք երեւած չեն որչափ երեւեցան իր դարուն մէջ։ Արդարեւ այն ժամանակը Հռոմէական մատենագրութեան ոսկեղէն դարն էր, բայց նաեւ բարուց ապականութեան կողմանէ նշանաւոր դար էր։ Նոյն իսկ այն դարուն մատենագիրք յայտնի կը նկարագրեն իրենց ժամանակին բարուց ապականութիւնը։
Ook online
PDF bekijken