Home / Catalogus / Տեղիք աստուածաբանութեան
armenain-flag Armeens

Տեղիք աստուածաբանութեան

Գալուստեան, Շնորհք եպիսկոպոս • Godsdienst

1993 , Երուսաղէմ (REL-T GALS 1993)

Աստուածաբանութեան հանքերը, այսինքն այն “տեղ”երը, ուրկէ Աստուածաբանութիւնը կը հանուի, կը կոչուին “Տեղիք Աստուածաբանութեան”։ Ուրեմն, այն աղբիւրները կամ շտեմարանները, որոնք կը պարունակեն քրիստոնէական կեանքի ճշմարտութիւնները եւ անոնց փաստերը, կը կոչուին “Տեղիք Աստուածաբանութեան”։ Հետեւեալներն են այդ “Տեղ”երը․ - ա) Եկեղեցի․ բ) Ս․ Գիրք․ գ) Աւանդութիւն (անգիր կամ գրաւոր)․ դ) Եկեղեցական ժողովք (տիեզերական եւ ազգային)․ ե) Կանոնք եւ կարգադրութիւնք հայրապետաց (մեր եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուած համաքրիստոնէական հայրերու եւ հայց․ եկեղեցւոյ կաթողիկոսներու)․ զ) Աստուածաբանք եկեղեցւոյ (ուղղափառ հայրեր եւ աստուածաբան վրդք․ մեր եկեղեցւոյ)․ է) Բանականութեան լոյսը․ ը) Իմաստասէրներ։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image