Home / Catalogus / Խրատ բոլոր քրիստոնեաներուն
armenain-flag Armeens

Խրատ բոլոր քրիստոնեաներուն

Երզնկացի, Յովհաննէս; Դանիէլեան, Անուշաւան Վրդ․ • Godsdienst

1984 , Անթիլիաս (REL-T ERZH 1984)

13-րդ դարու բանաւոր մեղուն՝ Յովհաննէս Վարդապետ Երզնկացի օրէնքի եւ արդարութեան ծաղիկներէն քաղելով հիւթը, մեզի կը հրամցնէ իր քաղցրահամ մեղրը՝

  • Խրատ բոլոր քրիստոնեաներուն
  • Թուղթ (նամակ) Երզնկայի իշխանին
  • Կանոնադրութիւն Երզնկայի Եղբայրութեան
  • Կանոնադրութիւն Երզնկայի երիտասարդներուն

Տիեզերքի ներդաշնակութեան գաղտնիքներէն մին ըլլալով նախախնամութեան կողմէ հաստատուած օրէնքի եւ կարգ ու կանոնի “գործադրութիւնը”, Յ․ Երզնկացի բոլոր մարդիկը անխտիր կը հրաւիրէ բանալու մտքի եւ հոգիի աչքերը, որպէսզի ճանչնան աստուածային պատուիրանները, որոնց գործադրութեամբ միայն մարդկային ընկերութիւնը կը գտնէ իր խաղաղութիւնը եւ երջանկութիւնը․ աւելին՝ մարդ արարածը կը դառնայ իսկական մարդ, եւ Քրիստոսի խոստումին համաձայն․․․ Աստուած։

Չորս գործ՝ չորս աշխարհ, մէկ հատորով։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image