Home / Catalogus / Յիսուսի չարչարանքները (ճառերու հաւաքածոյ)
armenain-flag Armeens

Յիսուսի չարչարանքները (ճառերու հաւաքածոյ)

Տասնապետեան, Թամար • Godsdienst

1999 , Լիզպոն (REL-T TAST 1999)

Այս հատորը հայ մշակոյթի փառահեղ ձեռագիր մատեաններէն քաղուած հաւաքածոյ մըն է․ կը պարփակէ 56 ճառեր, հաւաքուած Մեծի Տանն Կիլիկոյ Անթիլիասի մատենադարանի, Զմմառու Վանքի մատենադարանի, Հալէպի եւ Երեւանի մէջ տեղադրուած ձեռագիրներէ։

Անոնց հեղինակնե՞րը․ հայ թէ օտար եկեղեցական կարկառուն անձնաւորութիւններ, որոնց դարերէն եկող խորհրդաւոր ու պայծառ իմացականութեան վկայութիւնը կը կատարեն հատորին մէջ ամփոփուած Քրիստոսի խաչելութեան եւ չարչարանքներուն վերաբերող ճառերն ու մեկնութիւնները։ Ուրիշներ, նոյնքան հմայիչ ու թելադրական, կը մնան անստորագիր, անանուն, դարերու անիմանալի խորհրդաւորութեամբ։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image